ՌԻՒՍՏԵՄՕՂԼՈՒ ՄՈՒՃԱԿՆԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ «ՄՈՒՐԱՏՕՂԼՈՒ» ՇՈՒԿԱՆ՝ ՈՐՊԷՍ «CEYO»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

Մեր համայնքի յայտնի մուճակի վաճառականներէն Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու վերջերս փոխադրած է իր խանութը։ Պարութհանէ պողոտայի վրայ երկար ժամանակ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու խանութը տեղափոխած է «Մուրատօղլու» շուկայի առաջին գետնայարկը։ «İskender Terlik»ի հաստատութիւնը այս նոր վայրին մէջ կը գործէ որպէս «CEYO» յայտնի վաճառանիշի ներկայացուցչութիւն։

Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու եւ իր դուստրը՝ Նայիրա Ռիւստեմօղլու այս նոր խանութին մէջ իրենց թէ՛ հին եւ թէ նոր յաճախորդները կը դիմաւորեն ժպտադէմ եւ անոնց տրամադրութեան տակ կը դնեն մուճակներու ճոխ հաւաքածոյ մը։ Կաշիէ կամ լաթէ արտադրուած այս մուճակները առաջին իսկ պահուն այցելուները կը հրապուրեն՝ համարուելով բնակարանի հանգստութեան խորհրդանշան։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2017