ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍԸ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած այս քէրմէսը արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։ Բացումը երէկ առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի կողմէ կատարուած աղօթքով։ Ներկայ էին նաեւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներն ու Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։

Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբի ջանքերով կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը։ Տաղաւարներուն վրայ տեղ գտած իրեղէններու ճոխ տեսականիով յաջողութեամբ պսակուեցաւ ֆէրիգիւղցիներու Ամանորի աւանդական այս նախաձեռնութիւնը։

Կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերին հետեւեալ անունները.

Ծնողաց միութեան անդամուհիներ՝ Գարոլին Քեպապճը, Լորա Օքթայ, Իլտա Աշճը, Լիւսի Չընար, Ծաղիկ Տեմիրճի, Լետա Խրիմեան, Լեռնա Ատըկիւզէլ, Այլին Սանդալու, Դալար Տոլար, Սիլվա Քըրալըմ, Զիւպէյտէ Կէօղչէ, Այփերի Փեքսեզէր, Ալին Տեմիր, Տէօնիզ Թաշհան։

Քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբի անդամուհիներ՝ Թանիա Պալճը, Սելին Քափ, Ժիւլիէթ Տէօնէր, Նաժտա Ֆոսքոլօ, Լիզա Թուր, Սիւզան Չելիքթոփ, Լուսին Քըյըճը, Էլիզապէթ Իփեքլի, Մաթիլտա Սուլուօղլու, Այտա Տիտոնեան, Սուլթան Ուլուաք, Իսկուհի Չոլաք, Շաքէ Սիմքէշեան, Նուարդ Խաչերեսթունչ եւ Ալիս Մատղաշեան։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019