ԱՄԵՆ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՍՈՒԼԻՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔԷ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՀԱՄԱՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը Գումգաբուի մէջ պիտի հիւրընկալէ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսպէսով համայնքային մամուլին հետ առաջին անգամ պիտի տեսակցի իր գահակալութենէն վերջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020