ՔԱՀՐԱՄԱՆՄԱՐԱՇԻ ԵՒ ԿԱԶԻԱՆԹԷՊԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԿԱՆՈՒԽ ԺԱՄԵՐՈՒՆ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԵՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ

Թուրքիա ներկայ շաբաթը մղձաւանջային լուրերով դիմաւորեց։ Այս լուսաբացին երկրի հարաւային շրջաններէն հասած լուրերը բառին բուն իմաստով խոր սուգի մթնոլորտ յառաջացուցին երկրին մէջ։ Այսպէս, առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն իրերայաջորդ եւ սաստիկ երկաշարժեր տեղի ունեցան Քահրամանմարաշի եւ Կազիանթէպի մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկրաշարժի էփիկեդրոնը Քահրամանմարաշի Փազարճըք գաւառակին մէջ կը գտնուէր։ Ժամը 04.17-ին պատահեցաւ Քահրամանմարաշի մէջ շարժը, որու սաստկութիւնն էր՝ ռիխթերեան չափանիշով 7.4։ Աւելի վերջ Կազիանթէպի մէջ տեղի ունեցան իրերայաջորդ երկու երկրաշարժեր՝ 6.5 եւ 6.4 սաստկութեամբ։ Պաշտօնական մարմիններու հաղորդումներով, այս երկրաշարժերը դժբախտաբար 284 զոհ խլեցին։ Կայ նաեւ 2323 վիրաւոր։ Հարկ է նշել, որ բացի Թուրքիոյ 10 քաղաքներէն, երկաշարժը զգալի դարձած է նաեւ հարեւան երկիրներու մէջ. ինչպէս՝ Սուրիա, Լիբանան եւ այլն։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երկաշարժերէն անմիջապէս վերջ զօրակցութիւն յայտնեց աղէտեալներուն եւ իսկոյն շփման մէջ անցաւ տուեալ քաղաքներու կուսակալներուն հետ։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն ալ տեղեկացուց, որ սաստկութիւնը 6-է աւելի բարձր իրերայաջորդ 6 երկրաշարժ տեղի ունեցած է։

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ զօրակցութեան եւ փրկարարական աշխատանքներու արշաւ մը սկսած է։ Իսթանպուլէն եւ երկրի միւս բոլոր մեծ քաղաքներէն արդէն աղէտի գօտի կ՚ուղարկուին փրկարար ջոկատներ, բժշկական անձնակազմ եւ այլն, եւ այլն։

Բազմաթիւ հայրենակիցներ այս երկրաշարժին հետեւանքով տուժած են մեծապէս։ Վնասները ողբերգական համեմատութիւններու հասած են։ Լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, որ նոյնիսկ Կազիանթէպի պատմական բերդը վնասուած է երկրաշարժին հետեւանքով։ Սուրիոյ մէջ ալ երկրաշարժի զոհերուն թիւը կը մօտենայ 427-ի։

Թուրքիոյ արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքներուն մէջ պատահած այս սոսկալի ցնցումներու լոյսին տակ միջազգային հանրութիւնն ալ կ՚արձագանգէ անմիջապէս։ Կը հաղորդուի, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ արդէն վշտակցութեան պատգամներ կը հրապարակեն՝ զօրակցութիւն յայտնելով Թուրքիոյ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023