ԻՆՔՆԱԳԼՈՒԽ ՉԵՆՔ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարեց, որ Պոլսոյ Աթոռը ինքնագլուխ չէ ու կը ջանայ հաւասարապէս հնազանդիլ թէ՛ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ թէ պետութեան խօսքին։

Նորին սրբազնութիւնը վերջերս մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանին։ Յայտնի քաղաքական մեկնաբան Արտեոմ Երկանեան, որ այս հեռուստակայանի հաղորդավարներէն մին է, վերջերս այցելեց Իսթանպուլ։ Այս առթիւ ան Պատրիարքարանի մէջ տեսակցած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ եւ ստացած անոր մեկնաբանութիւնները՝ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած կացութեան մասին։

Հեռուստամեկնաբան Արտեոմ Երկանեան հարց տուած է, որ եթէ անցեալ 15 Մարտին տեղապահի ընտրութիւններուն յաղթած ըլլար Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ապա իշխանութիւնները դարձեալ ժխտակա՞ն պատասխան պիտի տային։ Ի պատասխան՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըսած է հետեւեալը. «Ո՛չ, պարապ բան է, որովհետեւ կուսակալութիւն գացինք, ես ալ, Սահակ սրբազանն ալ, Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետն ալ, հոգաբարձութեան ատենապետն ալ, ըսին՝ մեզի համար ո՛չ Գարեգինը կարեւոր է, ո՛չ Աթէշեանը, ո՛չ Մաշալեանը, ո՛չ Չուլճեանը։ Դուք այս ընտրութիւնները առանց մեր արտօնութեան ըրիք»։

Հարցազրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը բացատրած է, որ պատմութեան ընթացքին միշտ եղած է այդպէս։ Ան աւելցուցած է հետեւեալը. «Իրենց թեան մէջ միշտ այդպէս է։ Մենք ինքնագլուխ չենք կրնար վարուիլ։ Սա համայնքի ներքին խնդիրը չէ, միեւնոյն ժամանակ պետութիւնը կը հետաքրքրէ։ Թուրքիոյ մէջ կը հաստատեն, եթէ չհաստատեն, պատրիարքը չեն ընդունիր՝ որպէս պատրիարք»։

Հեռուստամեկնաբանին Երուսաղէմի հետ բաղդատական հարցման ի պատասխան՝ ընդհանուր փոխանորդը նշած է հետեւեալը. «Մեր մօտ տարբեր է։ Հոն միայն եկեղեցականները կ՚ընտրեն։ Համայնքը ձայն չունի, հետեւաբար աղմուկ չկայ»։

Հարցազրոյցի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը «սխալ ըմբռնում» որակած է այն պնդումը, թէ իրեն համար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումը աւելի կարեւոր է՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոչին բաղդատմամբ։ Ան բացատրած է, որ ինք անսահման յարգանք ու սէր կը տածէ Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ, սակայն ան չի կրնար հրահանգներ տալ Պոլսոյ Աթոռին, այլ կրնար խրատել։ «Մենք միշտ ականջ տուած ենք իր խրատներուն։ Ոչ ոք կրնայ ըսել, որ Վեհափառին խօսքը պետութենէն աւելի վար է կամ պետութեան խօսքը աւելի բարձր է։ Բայց մենք երկուքին ալ պիտի հնազանդինք», նշած է ան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ընդհանուր փոխանորդը յայտնած է, որ տեղապահի ընտրութեան յաջորդած են «զանազան խաղեր», սակայն չէ փափաքած խորանալ անոնց մէջ։ Ան յիշեցուցած է, որ ընդհանուր փոխանորդ ընտրուելու ժամանակ բոլոր քուէները տրուած էին իրեն։ «Մինչեւ տեղապահի ընտրութեան օրը բոլորն ալ իմ քովն էին, բացի մէկ-երկու հոգիէ։ Բայց ուրիշ բաներ պատահեցան եւ քուէները այդպէս փոխուեցան։ Այդ մասին խօսիլ չեմ փափաքիր։ Վերջը շատերը եկան, պատճառները ինծի պատմեցին եւ իմ հայրական գուրգուրանքս ուզեցին։ Հոգ չէ, ըսի», նշած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018