ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի «Միտի» կազմը վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցիները արդէն եղանակի առաջին կէսը աւարտած են իրենց պայքարած դասաւորման մէջ եւ արդիւնքը բաւական փայլուն է։ Արդարեւ, այդ դասաւորման եօթ խաղերու արդիւնքին հիման վրայ շիշլիցիները իրաւունք շահած են աւարտականի խմբակին մաս կազմելու։ 22 հոգիէ կը բաղկանայ Շիշլիի կազմը, որ աւարտականի փուլին ալ եօթ մրցումի պիտի մասնակցի։ Խումբի նպատակն է հասնիլ ախոյենութեան եւ աւելի բարձր մակարդակներու վրայ մրցակցութիւն յառաջ տանիլ։ Այս խումբին հասած նուաճումները մեծ ուրախութիւն կը պատճառեն շիշլիցիներուն, որովհետեւ այս ակումբը արդէն միշտ կ՚արդարացնէ նոր մարզիկներ պատրաստելու առաքելութիւնը։

Շիշլիի վոլէյպոլի «Միտի» կազմին մէջ կը գտնուին հետեւեալ անունները. Թալիա Էրոլ, Չաղըլ Թաշտեմիր, Տամլա Աքտաղ, Էլիֆ Պարուն, Թալիա Ինկիլիզօղլու, Ինեսսա Միտոյեան, Իրինի Չեթինքայա, Իզա Պասմաճըկիլ, Լիլիան Աւիթօղլու, Լիա Քըրալըմ, Լիանա Սիւրմէեան, Լոռին Իւկէ, Մանէ Տեմիրճիօղլու, Մաթիլտա Էլի Աթաքէր, Մարիա Փերեզ, Մելիս Տուրատուրեան, Նայիրա Մկրտիչեան, Նիքոլ Օնարան, Սանտրա Օնարան, Էօյքիւ Նազ Ազաք, Ռայնա Տեմիր, Սթեֆանի Գովան։

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2020