«ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ»

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար երէկ տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդէս մը։ «Մնաս բարով մանկապարտէզ» կարգախօսով կազմակերպուած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Փոքրիկները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներն ու ծնողները ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեցին անոնց նկատմամբ։ Հանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018