ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Մանկապարտէզի երկու փուլերու տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց գործադրած յայտագրերով, որոնք կ՚ընդգրկէին արտասանութիւններ, պարեր, թատերակներ եւ նուագներ։ Դպրոցի ուսուցչական կազմի ջանքերով պատրաստուած հանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ուսուցչուհի Նելլի Պասմաճեան եւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։

Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ թաղի յարակից մարմիններէն պատասխանատու դէմքեր։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023