ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՆԱՀԱՊԵՏ՝ Տ. ԴԻՈՆԷՍԻՈՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով յիշատակուեցաւ կղզիի նահապետ, եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Դիոնէսիոս Ա. Քահանայ Ճիզմէճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան եւ դպիրներ, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Հրանդ Ուրարակիր Դպիր Չիզմէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, պատարագիչ հայր սուրբը քարոզեց «Մարդու որդին Տէրն է շաբաթին» (Մատթ. 12.8) բնաբանով։ Հայր սուրբը նախ յիշեցուց աւետարանական դրուագը, որմէ յետոյ Քրիստոսէ արտասանուած այս խօսքին իմաստը բացատրեց։ Յիշեցուց, թէ Տիրոջմէ ստեղծուած ամէն ինչի վրայ Աստուած իրաւունք ունի եւ պէտք է Աստուծոյ պատկանածը Աստուծոյ շնորհենք։ Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Միայն շաբա՞թը Տիրոջ կը պատկանի։ Շաբթուան բոլոր օրերուն վրայ Տէր Աստուած իրաւունք ունի, քանի իր շնորհքով մարդ արարածը կը վայելէ իւրաքանչիւր օրուան գեղեցկութիւնը։ Հետեւաբար յիշատակուած օրուան խորհուրդը պէտք է տարածուի մեր բովանդակ կեանքին վրայ։ Շաբաթը, Տիրոջ եւ մարդու միանալու գաղափարին շեշտուած օրն է։ Քրիստոնեաներ կիրակիի բարեփոխած են այդ օրը՝ յետ Յարութեան։ Բայց խորհուրդը միշտ հաստատ մնացած է, մարդու բարիքն ու փրկութիւնը բարձր դասելով։ Այնուհետեւ Աստուծոյ գլխաւոր նպատակը կը կազմակերպուի այս հիման վրայ ու մարդուն կը մնայ իր կեանքին մէջ տեղ տրամադրել Աստուծոյ, ժամանակ յատկացնել՝ մեր Փրկիչին»։

Հայր սուրբը ապա յիշեցուց, թէ Տիրոջ պատկանած բազում արժէքներու վրայ, որպէս ժառանգակիցներ Քրիստոսի, քրիստոնեաներ եւս իրաւունք ունին։ Այս օրինակներէն է Ս. Եկեղեցին, որ է Քրիստոսի մարմինը։ Ան, հրաւիրեց ժողովուրդը, որպէսզի անոնք եւս տիրականութեան գիտակցութեամբ տէր կանգնին իրենց եկեղեցիին ու իր սրբազան առաքելութեան։ Իր խօսքերը եզրափակեց հետեւեալ տողերով. «Դուք եւս ձեր կարողութեան սահմաններով միացէ՛ք եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Ձեր ներկայութեամբ ու նախանձա-խընդրութեամբ տէր կանգնեցէ՛ք ձեզի իսկ վստահուած արժէքներուն։ Պատկանելիութեամբ մօտենանք մեր արժէքներուն, զօրացնենք զանոնք, որուն որպէս արդիւնք թէ՛ մենք եւ թէ մեր Տէրը պիտի փառաւորուի»։

Հայր սուրբը, անդրադարձաւ նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր սպասաւոր՝ Տ. Դիոնէսիոս Ա. Քահանայ Ճիզմէճեանի վարքին։ Յիշեցուց, թէ հոգելոյս տէր հօր գերեզմանը կը գտնուի եկեղեցւոյ պարտէզը։ Տէր հայրը, իր ծառայութեամբ, մարդն ու Աստուածը միացնելու առաքելութեամբ, յիշատակութեան արժանի էր։ Ըստ տարեկան աւանդութեան, եկեղեցին կը յիշատակէր իր առաջին հոգեւոր սպասաւորը, իր գերեզմանին մօտ։ Հայր սուրբը, Իր խօսքերու աւարտին, ներկայ հաւատացեալները հրաւիրեց՝ լուսահոգի տէր հօր համար աղօթելու։

Ս. Պատարագի աւարտին կազմուած հանդիսաւոր թափօրով, «Որ յանէից» շարականի երգեցողութեամբ եւ զանգակներու ղօղանջով, այցելութիւն տըր-ւեցաւ Տ. Դիոնէսիոս Ա. Քհնյ. Ճիզմէճեանի շիրմին, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Յիշատակուեցան նաեւ եկեղեցւոյ բարերարներ՝ Թաշճեան, Փափազեան եւ Էրմէնեան ընտանիքներու հանգուցեալները։

Արարողութեանց աւարտին, ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, որով յիշատակուեցաւ տէր հայրը։ Այս առթիւ հայր սուրբը յիշեցուց, թէ ներկայ դպիրները կը միանան տէր հօր առաջնորդութեամբ ծառայած առաջին դպիրներու երգեցողութեան։ Այնուհետեւ մեծապէս գնահատեց երգեցիկ դպիրները, որոնց ամրան շրջանի առաջին բազմաձայն երգեցողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին։ Հայր սուրբը, ներկաներուն մաղթեց օրհնեալ ամրան շրջան մը։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019