ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՆՑ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս խանդավառութիւնը արդէն հասած է գագաթնակէտին։ Խնամատար մարմնի եւ տնօրէնութեան ծրագիրները աստիճանաբար կեանքի կը կոչուին՝ զանազան առիթներով համախմբելով նաեւ Կազդուրման կայանի սաներն ու մեր համայնքի կղզեբնակ տղաքը։ Այս օրերուն երեխաներու խրախճանք մը տեղի կ՚ունենայ Կազդուրման կայանէն ներս, ուր մեր համայնքէն հոծ թիւով փոքրիկներ համախմբուած են տօնական մթնոլորտի մէջ։  

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022