ՊՍԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Լուիզա Քուրումազ եւ Տիգրան Պեսքիսիզեան շաբաթավերջին արժանացան Սուրբ Պսակի բերկրանքին։ Խորհրդակատարութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նորապսակ ամոլին ուղղեալ խրատական մըն ալ խօսեցաւ։ Հարկ է նշել, որ Տիգրան Պեսքիսիզեան Նորին Սրբազնութեան քրոջ թոռն է։ Համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին երկու արժէքաւոր երիտասարդներու կեանքի միացումը։

Արարողութեան ներկայ էին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ՝ խաչեղբայրութեամբ Ղեւոնդ-Արմենուհի Եըլմազ ամոլին։

Հարսանիքի աւարտին բոլոր ներկաները ամենաջերմ զգացումներով շնորհաւորեցին նորապսակ ամոլը՝ մաղթելով անխառն երջանկութիւն։

Այս ուրախ առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք նորապսակները՝ միանալով երջանկութեան մաղթանքներուն։ Նոյն ուրախ առթիւ կը խնդակցինք անոնց երջանիկ ընտանիքներուն՝ մասնաւորաբար Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանին, ինչպէս նաեւ Ղեւոնդ-Արմենուհի Եըլմազներուն։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022