ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ միւֆթի Մեհմէտ Էմին Մաշալըին։ Նորին սրբազնութեան կ՚ընկերանային Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիպման ընթացքին շնորհաւորեց նորանշանակ միւֆթին եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Զրոյցի տեւողութեան ընդգծուեցաւ երկխօսութեան կարեւոր դերը խաղաղութեան մէջ։ Իր կարգին, միւֆթի Մաշալը եւս յաջողութիւն մաղթեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին եւ ընդգծեց, որ այցելութիւնը ուրախութեան առիթ եղած է իրեն համար։

Մտերմիկ զրոյցի աւարտին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նորանշանակ միւֆթիին նուիրեց Պատրիարքարանի թանգարանի մասին հրատարակուած երկհատորը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019