ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱԿԻՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որուն պոլսահայութեան անունով զօրակցութիւն յայտնեց Պէյրութի նախընթաց օրուան սահմռկեցուցիչ պայթումին բերումով ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Յարակից սիւնակին մէջ նոյնութեամբ կը հրատարակենք այս կապակցութեամբ Պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

*

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

4 օգոստոս 2020, երեքշաբթի երեկոյեան, Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցուեցաւ զօրաւոր պայթումով մը, որուն որպէս հետեւանք բազմաթիւ մահացողներ ու վիրաւորներ եղան։ Սոյն դէպքը յատկապէս իր խոր ազդեցութիւնը թողուց հայաշատ Պուրճ Համուտի եւ մերձաւոր հայկական թաղամասերէ ներս։ Պայթումը նաեւ նիւթապէս վնասեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը եւ շրջակայ համալիրը։

Այս աղետալի դէպքէն յետոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ ու յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Պատկառելի Կրօնական ժողովոյ եւ հայ համայնքին, ցաւ յայտնեց Նորին Սրբութեան։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ պոլսահայութիւնը եւս կը միանայ Պէյրութի ցաւին եւ ի մասնաւորի իր աղօթքով ու բարեմաղթութեամբ կը սատարէ լիբանանահայութեան։ Պատրիարք Հայրը նաեւ յայտնեց, թէ 9 օգոստոս 2020, կիրակի, Պատրիարքական Աթոռոյս ենթակայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեգանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի զոհերուն հոգիներուն խաղաղութեանը համար։ Նոյն առիթով աղօթք պիտի կատարուի վասն խաղաղութեան եւ անդորրութեան լիբանանահայութեան։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան վշտակցութեան համար եւ մաղթեց, որ շրջանի ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական ցնցումը անցողական ըլլայ։ Այս առթիւ յատկապէս խնդրեց, որ աղօթել շարունակեն խաղաղութեան հաստատման համար։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020