ՄԱԺԱԿ ԹՈՇԻԿԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեանի գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակին առթիւ երէկ երեկոյեան յոբելենական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին։ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրը հիւրընկալեց մեծարանքի երեկոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Յոբելեարը համակրանքով շրջապատուեցաւ երաժշտասէրներուն կողմէ՝ մինչ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ փութացած էր Թոշիկեանին նկատմամբ գնահատանքը յայտնելու, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր հայրեր։ Կղզեաց քաղաքապետ Ալի Էրճան Աքփոլատն ալ մեծարեալի ուրախակիցներու շարքին էր։
Յայտագրի ընթացքին մեր համայնքի երաժշտական կեանքէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր հանդէս եկան՝ թէ՛ յոբելեարին ուրախակից ըլլալու եւ թէ անոր վաստակին նկատմամբ իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտելու համար։ Մեներգներով, խմբերգներով ու պարերով ճոխ յայտագիր մը մատուցուեցաւ երեկոյթի մասնակիցներուն, որոնց ծափահարութիւններու առիւծի բաժինը միշտ կ՚երթար Մաժակ Թոշիկեանին, անշուշտ, կատարողներուն առընթեր։
Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ յատկանշական էր նաեւ յայտնի մեներգչուհի Նիւքհէթ Տուրուի ներկայութիւնը։ Ան Մաժակ Թոշիկեանին հետ ունի համագործակցութիւն եւ բարեկամութիւն։ Ուստի, յոբելենական երեկոյթի ծրագրին մէջ առանձնացաւ Նիւքհէթ Տուրուին՝ այնքան տպաւորիչ մեներգը, որ ձեւով մը հաստատումն էր Թոշիկեանի ստեղծագործական վարպետութեան։
Եզրափակիչ փուլին Մաժակ Թոշիկեան սրտի խօսք մը արտասանեց։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ քաղաքապետը աւարտին հասցուցին յայտագիրը։
Մինչ այդ, յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկային Թոշիկեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը պիտի կրկնուի Իսթանպուլի մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024