ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Աբիկ Հայրապետեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանի մահը վերջին օրերուն ցաւ պատճառած էր համայնքային շրջանակներուն մօտ։ Երէկուան յուղարկաւորութիւնը նորոգ հանգուցեալ Աբիկ Հայրապետեանի նկատմամբ վերջին յարգանքի պատկառելի դրսեւորման վերածուեցաւ։ Հոծ թիւով յուղարկաւորներ համախմբուած էին դագաղին շուրջ, որ զետեղուած էր լուսաշող տաճարի կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի գլխաւորութեամբ՝ Պէյօղլուի ընտանիքէն վարչայիններ կերոնակիր էին դագաղին գլուխը։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ բոլոր յուղարկաւորները իրենց վերջին խոնարհումը բերին Աբիկ Հայրապետեանի բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի հովանիին ներքեւ գործող բոլոր կառոյցներու պատասխանատուները խոր տխրութեամբ հրաժեշտ տուին իրենց բազմամեայ ու երախտաշատ առաջնորդին։ Աբիկ Հայրապետեան տասնամեակներ շարունակ եղած էր Պէյօղլուի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան մղիչ ուժը։ Ուստի, Պէյօղլուի ընտանիքն ալ համապատասխան երախտագիտութիւնով զինքը յաւերժութեան ճամբեց՝ աղօթքով, խունկով եւ արտասուքով։

Հանդիսադիր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան իր դամբանականին համար մեկնակէտ ընտրած էր Ս. Աւետարանէն՝ օգնութեան հասնող մարդու կերպարը, որուն հետ կապեց Աբիկ Հայրապետեանի թողած յիշատակը։ Ան նշեց, որ Աբիկ Հայրապետեան գրաւած էր մեր համայնքի բոլոր խաւերէն մարդոց սիրտը։ Իր հիմնած ճաշարանն ալ իսկական վաճառանիշ մը դարձած էր ամբողջ Թուրքիոյ մէջ, իսկ Աբիկ Հայրապետեան շատերու կողմէ կ՚ընկալուէր՝ որպէս հայր։ Բոլոր անոնք, որոնք Աբիկ Հայրապետեանին կը դիմէին, անպայման կ՚արժանանային անոր զօրակցութեան։ Նորին սրբազնութիւնը դամբանականին մէջ յիշեցուց, որ հոգելոյս Աբիկ Հայրապետեան վերջին շրջանին Թոքաթլեան խանի արժեւորման հարցին բերումով թէեւ քննադատուած ու մաշեցուած էր, սակայն այդ հանգամանքէն դուրս երկար տարիներ մեծ օգուտներ ապահոված էր Պէյօղլուի ընտանիքին։ Դամբանականի աւարտին նորին սրբազնութիւնը հայցեց, որ երկնային լուսեղէն պսակներու արժանանայ հանգուցեալ Աբիկ Հայրապետեանի հոգին։

Յուղարկաւորութեան աւարտին թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, ուր Աբիկ Հայրապետեանի մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2019