ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հռոմ կատարած այցելութեան շրջանակներուն մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան  եւ գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Շուրջ կէս ժամուան սիրալիր զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան միջկրօնական երկխօսութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021