Երկուշաբթի 9, Դեկտեմբեր 2024
«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ» ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութիւնը «Արմէնփրէս» եւս երէկ անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն կորսուած իւղանկարի հարցին։ Գործակալութիւնը մատնանշած է, որ երկրի Քննչական վարչութիւնը այս հարցին շուրջ որպէս վկայ ունկնդրած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Գործակալութիւնը նիւթի մանրամասնութիւնները ներկայացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հաղորդումներու հիման վրայ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016