ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՏԱՄԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Լուսահոգի համայնքային գործիչ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Յարութիւն Շանլը, որ քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած էր, շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ՝ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հանդիսութիւնով մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին կողմէ վերջերս պատրաստուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը՝ ողբացեալ Յարութիւն Շանլըի կեանքին ու գործունէութեան մասին։ Ուրեմն, «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը՝ հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որու կողքին էին մեր հոգեւորականաց դասէն հայրեր։ Հարկ է նշել, որ գիրքին խմբագիրը եղած էր Սէրլի Նշանեան։

Յարութիւն Շանլըի հարազատներուն եւ համայնքային շրջանակներէ բազում ծանօթ դէմքերու մասնակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սէրտա Ասլանի։ Սէրլի Նշանեանի առընթեր, ելոյթներով հանդէս եկան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Էօզչելիք։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ ներկաները ունկնդրեցին մեներգչուհիներ՝ Մարալ Այվազի եւ Թաթիանա Պոստանի կատարումներուն, Սեւան Ակօշեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ փակման խօսքով, որու աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս փուլին հայրական վերաբերմունքի առարկայ դարձուց Յարութիւն Շանլըի այրին՝ Էօժէն Շանլըն ու բոլոր ընտանեկան անդամները, նաեւ բարձր գնահատեց Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին կողմէ ցուցաբերուած երախտագիտութեան ոգին։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021