ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԵՑԱՒ՝ «ՆԱՏԻԱ ԵՒ ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ» ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՄԱՐԶԱԴԱՀԼԻՃԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԱՐՈՂՈԹԵԱՄԲ

Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակը այս շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը կը համարուի։ Թէ՛ հաստատութեան պատմական առաքելութիւնը եւ թէ արդի տարեգրութեանց մէջ ապահոված ձեռքբերումները կը բիւրեղացնեն այս յոբելեանին նշանակութիւնը։ Երէկ երեկոյեան յոբելենական շրջանի սկիզբը ազդարարուեցաւ՝ դպրոցի յարակից «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» բազմակողմանի համալիրի մարզադահլիճի պաշտօնական բացման արարողութեամբ։ Այս համալիրը գեղարուեստական աշխատանոցներէ սկսեալ, մինչեւ մարզադահլիճ՝ ընկերամշակութային արտադրութեան, մեր համայնքի անդամներու համախմբման եւ ժամանցի տեսակէտէ լայն կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ։ Երէկուան երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։ Յոբելենական շրջանի առաջին քայլափոխին Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ ուրախացուցիչ լուր մը եւս տուաւ համայնքային շրջանակներուն։ Այսպէս, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս ի մօտոյ գործել պիտի սկսի նաեւ՝ արդի բոլոր հնարաւորութիւններով օժտուած թատերասրահ մը, որ 140 հոգիի տարողութիւն պիտի ունենայ։ Այսպէսով երկար տարիներու կենսական կարիք մը դիմագրաւուած պիտի ըլլայ համայնքային կեանքէն ներս։ Գարակէօզեան տան համալիրի ֆիզիքական հնարաւորութիւններու ընդլայնումը ուղղակի կը պայմանաւորէ մեր համայնքային կեանքի ձգողականութիւնը, որովհետեւ ան կը գտնուի քաղաքի առաւելագոյն հայաբնակ շրջանին մէջ։ Երէկ պաշտօնապէս բացուած մարզասրահի մէջ սկսաւ նաեւ միջվարժարանային ձմրան խաղերու մրցաշարք մը, որ ձօնուած է հոգելոյս Արամ Նիկողոսեանի յիշատակին։

Համայնքային շրջանակները լայն մասնակցութիւն բերին երէկուան ձեռնարկին, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Մարի Արզումանի։ Տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի ելոյթը ընդհանուր հաշուետուութեան մը բնոյթը ունէր։ Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ խնամակալութեան տեսլականին, զանազան ուղղութիւններով համայնքին զօրավիգ ըլլալու սկզբունքին եւ նիւթական միջոցները բաժնելու առաջնահերթութիւններուն մասին։

Ելոյթներուն առընթեր՝ ներկաները հետեւեցան մարզական խանդավառ շոուի մը ծրագրին։ Գարակէօզեան տան ընտանիքը երէկուան ձեռնարկը պատեհ առիթ նկատած էր՝ արտայայտելու համար իր երախտագիտութիւնը՝ Անի Պէրպէրօղլուի, Հիլտա Վոլքանի, Գրիգոր Չընկըրեանի, Բարսեղ Ճանճիկեանի եւ Շահան Արմաղանի նկատմամբ, որոնք անցեալ շրջաններուն ծառայութիւն մատուցած են խնամակալութեան մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ յանձնուեցան խնամակալութեան կողմէ անոնց համար պատրաստուած յուշանուէրները։ Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց նաեւ հուսկ բանքը՝ մանուկ եւ պատանի մարզիկներու նկատառման յանձնելով կեանքի մէջ հետք մը թողելու նշանակութիւնը։ Ան աղօթքով ոգեկոչեց նաեւ լուսահոգի Նատիա Կիւլմէզկիլը։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները շնորհաւորեցին Գարակէօզեանի ընտանիքի պատասխանատուները՝ մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ։

    

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023