ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶ ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳԻ ՍԵՄԻՆ

Համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ յառաջիկայ շաբթուան մէջ համերգով մը պիտի ներկայանայ երաժշտասէր հասարակութեան։ Երեկոյթը նախատեսուած է 11 փետրուարին, երեքշաբթի, Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։

Համերգի ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մարալ Այվազը, որ մեզի բացատրութիւններ տուաւ մօտալուտ ձեռնարկի մասին։ Թէեւ երաժշտասէրները երկար ժամանակէ ի վեր համակրանքով կը հետեւին Մարալ Այվազի ելոյթներուն, սակայն յառաջիկայ ձեռնարկը ունի կարեւոր առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, Մարալ Այվազ առաջին անգամ մենահամերգով մը պիտի ներկայանայ իր արուեստի համակիրներուն։ Յայտնի է, որ վերջերս հրապարակ դուրս եկած է նաեւ իր առաջին սկաւառակը, ինչ որ կարեւոր հանգրուան մը բնորոշած է մեներգչուհիի գործունէութեան տեսակէտէ։ Ուրեմն, մօտալուտ համերգի երգացանկը առաւել չափով բաղկացած պիտի ըլլայ՝ ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած կտորներէ։ Այլ խօսքով, համերգը պիտի ծառայէ նաեւ Մարալ Այվազի ձայնասկաւառակը ծանօթացնելու նպատակին։

Յաջողութիւն կը մաղթենք համակրելի արուեստագիտուհիին։

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020