ՊԱՐԵՐՈՒ ՄԵԾ ԽՆՋՈՅՔ ՄԸ

Հայաստանէն «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթը շաբաթավերջին ելոյթ մը պիտի ունենայ քաղաքիս մէջ։ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի հրաւէրով ու նախաձեռնութեամբ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը, որու գլխաւոր հովանաւորն է մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը։

Պարի պետական համոյթը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը եւ յոբելենական շրջանի առաջին ուղեւորութիւնը կ՚իրականացնէ դէպի Իսթանպուլ։ Սա յատկանշական ձեռնարկ մըն է թէ՛ համոյթին եւ թէ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, «Թաթուլ Ալթունեան» համոյթը հանդէս պիտի գայ՝ նոյն բեմը բաժնելով «Մարալ»ի հետ։

Հիւր համոյթի գլխաւոր պատասխանատուները՝ Ժիրայր Ալթունեան, Գրիգոր Ոսկանեան եւ Յովհաննէս Խաչիկեան երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասան Իսթանպուլ։ Կէսօրուան ժամերուն հաճոյքն ունեցանք զիրենք հիւրընկալելու խմբագրատանս մէջ։ Իրենց ընկերացան Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան եւ «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան։ Հարկ է նշել, որ «Թաթուլ Ալթունեան» համոյթի միւս անդամները վաղը առաւօտ կանուխ պիտի ժամանեն քաղաքս։

Հիւր համոյթը մինչեւ Կիրակի օրուան ելոյթը պիտի կատարէ փորձեր։ Այդ փորձերէն մին նախատեսուած է «Մարալ»ի հետ։ Հիւր խումբը պիտի ունենայ նաեւ՝ թէեւ բաւական սահմանափակ ազատ ժամանակ։ Այդ ընթացքին «Մարալ»ի ընտանիքը ընթրիք մը նախատեսած է «Թաթուլ Ալթունեան» յոբելեար համոյթին համար։

Ծրագրի աւարտին, հիւրերը Երկուշաբթի հրաժեշտ պիտի առնեն քաղաքէս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018