ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ԿԱՐԻՔՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, մեր համայնքէն ներս ընկերային զօրակցութեան աշխատանքները յառաջ կը տարուին՝ հնարաւորինս առանց կաղացումներու։ Այս ամբողջին մէջ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ալ հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ օժանդակութիւն փութացնելու համար կարիքաւոր թաղեցիներուն։ Առկայ դժուարին պայմաններուն ներքեւ  թաղային խորհուրդը հրամայական կը համարէ՝ նպաստել համեստ խաւերէ թաղեցիներու անյետաձգելի կարիքներու դիմագրաւումը։ Ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ եւ իր գործակից ընկերները համաճարակի դէմ ձեռք առնուած սահմանափակումներու սկիզբէն ի վեր հետեւողական ջանքեր կը գործադրեն ընկերային զօրակցութեան ճանապարհին։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը կը կատարէ խումբ մը կամաւոր երիտասարդներու աջակցութեամբ։

Թաղային խորհուրդի աղբիւրները մեզի տեղեկացուցին, որ երէկ, Աւագ շաբթուան առաջին օրը, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի միջոցներով թաղեցիներուն համար պատրաստուած արկղերը կամաւոր երիտասարդներու կողմէ բաժնուած են թաղեցիներուն։ Խաւաքարտէ այդ մեծ տուփերը կը պարունակէին անհրաժեշտ սննդամթերք եւ այլ նիւթեր։ Այդ բոլորը կարիքաւոր թաղեցիներուն բաժնուեցան՝ որպէս աջակցութիւն եւ բարոյական զօրակցութիւն՝ համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրի հնարաւորինս դիմագրաւման առաջադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020