Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Մինչ քրիստոնեայ աշխարհէն ներս Ս. Զատկի տօնին առթիւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուած է, եկեղեցիներու առաջնորդներն ալ այս շրջանին կը թարմացնեն իրենց եղբայրական յարաբերութիւնները։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ը։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները այս առթիւ եղբայրաբար ողջագուրուեցան՝ զիրար ջերմօրէն շնորհաւորելով եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելով տօնական աւետիսով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դահլիճին մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցւոյ ծայրագոյն պատրիարքը, որու հետ ունեցաւ ջերմ զրոյց մը։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն հետեւանքով դժուար է իրականացնել աւանդական այցելութիւններու փոխանակումը, ուստի Ս. Զատկի առիթով փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան։

Երկու հոգեւոր առաջնորդները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան առկայ իրավիճակին մէջ եկեղեցիներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ հոգեւոր կեանքի կազմակերպման դժուարութիւններու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Անոնք մաղթեցին, որ համավարակի հարցը շուտով մարդկութեան օրակարգէն դուրս մնայ եւ եկեղեցիներն ալ կարողանան բնականոն հունի մէջ վերադարձնել իրենց ծառայութիւնը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021