​ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԶՈՅԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմը եւ անդամուհիներէն Պերրին Տայանը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Զրոյցի սկիզբին Ս. Զատկի տօնին առթիւ փոխանակուեցան շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

Ինչպէս ծանօթ է, Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհիներու փոփոխութեան շրջանին Պատրիարքական Աթոռի եւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին միջեւ ստեղծուած էին տարաձայնութիւններ եւ Գումգաբուն որոշած էր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւները ետ քաշել։ Այս իրողութեան լոյսին տակ երէկուան հանդիպումը կը ներկայացնէր մեծ կարեւորութիւն։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ տարուայ իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ կրկնեց իր անհանգստութիւնները։ Իր կարգին, ատենապետ Սիմոն Չեքէմն ալ մի առ մի պատասխանեց բոլոր հարցումներուն ու ցաւ յայտնեց, որ առ այսօր կարելի չէր եղած երկխօսութեան մթնոլորտ մը ստեղծել, ինչ որ առիթ պիտի ստեղծէր պարզելու թաղային խորհուրդի մօտեցումները։ Թաղականները յայտնեցին, թէ իրենք կը ձգտին Պատրիարքական Աթոռի նկատմամբ յարգանքի մէջ չթերանալ ու պատրաստակամ են գործակցելու Նորին Ամենապատուութեան հետ։ Անոնք նշեցին նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը՝ Պէյօղլուի ծրագիրները ներկայացնելու համար Պատրիարքական Աթոռի բարոյական վերահսկողութեան ներքեւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատանքով եւ ուրախութիւնով արտայայտուեցաւ, որ Աթոռի եւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի միջեւ յարաբերութիւնները սկսած են վերադառնալ իրենց բնականոն հունը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, թաղականները տեղեակ պահեց իր տնօրինութեան շուրջ՝ Պէյօղլուի մեր զոյգ եկեղեցիներու պաշտամունքի վերաբացման շուրջ։

Հուսկ, թաղականները արձակուելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ ստացան իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021