ՏԽՐՈՒՆԻ

Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝

ՏԻԱՐ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ

6 մայիս, չորեքշաբթի առաւօտ իր հոգին աւանդեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը դարմանուէր քորոնաժահրէն վարակուած ըլլալով։ Մեր համայնքին արժէքաւոր զաւակներէն Յարութիւն Շանլը, դժբախտաբար, զոհ դարձաւ  վարակի եւ անոր պատճառաւ յառաջացած առողջապահական բարդութիւններուն։

Մեծ է մեր ցաւը։ Երբ նկատի կ՚ունենանք համայնքային կեանքէն ներս ստանձնած կարեւոր վարչական դերերը եւ իր շինարար անհատականութիւնը, ինքնին կը յայտնուի, թէ իր մահուամբ կը գոյանայ պարապութիւն մը, որ շատ դժուար պիտի ըլլայ լեցնել։ Նախ Համայնքային վաքըֆներու երկխօսութեան հարթակի, ապա՝ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան վարչական խորհուրդի դիւանին մէջ ստանձնած էր գործօն պաշտօններ։ Իր միարար ներուժին, տեսլապաշտ նախաձեռնութեան եւ կազմակերպչական կարողութեան շնորհիւ դարձած էր աչքառու դէմք մը եւ արձանագրած՝ բազմաթիւ յաջողութիւններ։

Մեր համայնքային շրջանակներու առընթեր, ան փոքրամասնական համայնքներու հետ եւս մշակած էր սերտ յարաբերութիւններ՝ արժանանալով նաեւ անոնց եւս գնահատանքին։

Ընտանեկան կեանքէ ներս եղած էր բարի ու օրինակելի ամուսին մը, հայր մը։

Իր բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնը, իր ժողովուրդին ու անոր շահերուն նկատմամբ ունեցած սրտանց կապուածութիւնը, ուղղամիտ եւ քաջ ու համարձակ կեցուածքը երբեք պիտի չմոռնանք։

Զայն կը յանձնենք Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ, որուն հաւատքով ապրեցաւ։ Աստուած ընդունի իրեն համար կատարուած ու կատարելի աղօթքները. թողութիւն շնորհէ իր մեղքերուն եւ իր հոգւոյն երկնային կայքերու մէջ հանգիստ շնորհէ մինչեւ Յարութեան օրը։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Այս առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք սգաւոր կողակցին՝ Տիկին Էօժէնիի, զաւակներուն՝ Վրէժի եւ Գարինի եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն, ազգական ու բարեկամներուն, Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ ժողովուրդին, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան վարչութեան՝ հայցելով երկնային մխիթարութիւն։

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի քորոնաժահրէն վարակուածներու մահուան պարագաներուն կիրարկուած կանոնագրութեանց տրամադրութեանց համաձայն։

Այսու բոլոր վշտահար անձնաւորութիւններէն յատկապէս եւ կարեւորութեամբ կը խնդրուի շարժիլ սոյն կանոններու ուղղութեամբ եւ յուղարկաւորութեան ժամուն (6 մայիս 2020, չորեքշաբթի, ժամը՝ 15.00-ին, Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ) կատարելի հանգստեան աղօթքներուն մասնակցիլ բնակարաններէ։

Այս ստիպողական շրջանի աւարտին, յարմար դատուած թուականներուն Յարութիւն Շանլըի եւ միւս բոլոր հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ պիտի աղօթենք մեր եկեղեցիներուն մէջ։

(6 մայիս 2020) 

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020