ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՀԻՒՐ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) երէկուան հերթական ժողովին ընթացքին ծաւալուած են խօսակցութիւններ, ըստ որոնց Անգարայէն քննիչներ վերջին շրջանին Պատրիարքարան այցելած են՝ շօշափելով Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ենթադրեալ ընտրութեան նիւթը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ արտայայտած է իր մօտեցումը։

Երէկուան դռնփակ ժողովէն հասած անպաշտօն լսումներու լոյսին տակ այս առաւօտ կապ հաստատեցինք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ, որ մեզի տուաւ լուսաբանութիւններ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ վերջին շրջանին մայրաքաղաքէն հիւրընկալած էր ոչ թէ քննիչներ, այլ Ներքին գործոց նախարարութենէն ներկայացուցիչ մը։ Իր խօսքով՝ նախարարութենէն ներս փոխուած է փոքրամասնութիւններու հարցերու հետամուտ գլխաւոր պաշտօնատարը։ Նորանշանակ բարձրաստիճան դիւանակալը Իսթանպուլ գալով փափաքած է հանդիպումներ ունենալ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Ան այս ծիրէն ներս այցելած է նաեւ Գումգաբու։ «Սա յատկապէս մեր Պատրիարքարանը տրուած կամ մասնաւորապէս մեր համայնքի խնդիրներու արծարծման ուղղեալ նախաձեռնութիւն մը չէր։ Մենք սիրով հիւրընկալեցինք նորանշանակ բարձրաստիճան պաշտօնատարը, որուն հետ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան նիւթերը շօշափելու ժամանակ հերթական անգամ յիշեցուցինք համայնքի սպասումը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կազմի վերանորոգման համար ընտրութեան ձեռնարկելու մասին», ըսաւ ան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս բացատրութիւնները արդէն կը բիւրեղացնեն ERVAB-ի երէկուան ժողովի խօսակցութիւնները։ Յամենայնդէպս, անշուշտ, այստեղ կը ծագի ուրիշ հարցում մը, որուն պատասխանը կը մնայ բաց։ Պատրիարքարանի աղբիւրները ամէն օր հաղորդագրութիւններ կը հրապարակեն Նորին Ամենապատուութեան ընդունած հիւրերուն մասին։ Արդեօք մայրաքաղաքէն պաշտօնեայի մը Գումգաբու այցելելը կարեւոր չէ՞ր, որ այդ մասին տարրական տեղեկութիւն մը չէ հաղորդուած։ Կասկածէ դուրս է, որ այստեղ սխալ քայլ մը առնուած է, որովհետեւ պաշտօնական հաղորդագրութեան բացակայութիւնը պատճառ դարձած է, որ համայնքային շրջանակները լսումներու հիման վրայ եւ սխալ շեշտադրումներով նկատի առնեն այս իրադարձութիւնը եւ խօսակցութիւններ ծաւալեն այդ մասին։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2024