ՄԻՍԱՔ ԿԻՒԼԻՒՔ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլիւքը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան:

Հանդիպման ընթացքին ատենապետ Կիւլիւք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան ու եկեղեցւոյ մասին։ Ան շեշտեց, թէ արուարձանային Ս. Եղիա եկեղեցւոյ շէնքը կը կարօտի նորոգութեան: Զրոյցի տեւողութեան ատենապետը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրենց եկեղեցւոյ 26 մայիսին նախատեսուած անուան տօնախմբութեան եւ Ս. Եղիա մարգարէի յիշատակութեան նախագահելու։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ ի նպաստ տարուած աշխատանքներուն համար։ Ան խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին։ Հուսկ, ան կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2024