ՌՈՒՄԵԼԻ ՀԻՍԱՐԻ Ս. ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿԱՆԱՆՑ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ Ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը եւ տիկնանց յանձնախումբը ամառնամուտի շրջանին համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպած էին այս հաւաքոյթը։ Վոսփորի գեղատեսիլ մթնոլորտին մէջ զանազան թաղերէ փութացած տիկիններ համախմբուեցան ճաշասեղաններու շուրջ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Նուրիձա Եասուլքալ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց կազմի անդամուհիներուն եւ իրենց զօրակիցներուն։

Բացի Նուրիձա Եասուլքալէն, երէկուան հաւաքոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ աշխատանք տարած էին հետեւեալները.

Աղաւնի Չերքեզօղլու, Մարի Տելկի, Վարդուհի Աքքայաթաշ, Սերլի Աբրահամօղլու, Մարի Տեմիրճիօղլու, Մարգրիտ Փեքշերեֆեան, Շուշան Քեփեքօղլու եւ Նուէր Եափըճը։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018