ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան անդամները։ Ատենապետ Կարօ Համամճեանի կողմէ գլխաւորուած թաքսիմցի վարչայինները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Զրոյցի տեւողութեան թաքսիմցիները տեղեկութիւններ փոխանցեցին ակումբի գործունէութեան եւ վարչութեան ծրագրերուն շուրջ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, թաքսիմցի վարչայիններուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ակումբի գործունէութիւններուն համար։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019