ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տարբեր առիթներով շարունակեց միջօրեայ Ս. Գրային սերտողութիւնները։ Երէկ, ամառնային շրջանի վերջին սերտողութիւնը տեղի ունեցաւ նորին սրբազնութեան առաջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Վերջին աշխատութեան ներկայ էր նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող գերմանահայոց հոգեւորականաց դասու անդամներէն Տ. Հրաչ Քհնյ. Պիլիճեան։

Սրբազան հայրը իր քարոզխօսութիւններուն մէջ նախ՝ անդրադարձաւ Սաղմոսաց գիրքի 109-րդ սաղմոսին եւ վերլուծումներ ըրաւ Նոր կտակարանէն։ Քրիստոսի վարդապետութեամբ կերպարանափոխուած սաղմոսի պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։ Յետոյ՝ խօսեցաւ Յայտնութեան Գիրքի մասին եւ յիշեցուց Եփեսոսի եկեղեցւոյ ուղղեալ յիշեցումը։ Պատգամեց, որպէսզի միշտ յիշենք եկեղեցւոյ սկզբունքները եւ միշտ նոյն սիրով կապուած մնանք այդ ուսուցումներուն։

Մինչ այդ եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին սրբազան հայրը խօսքը տուաւ նաեւ Հրաչ Քահանային, որպէսզի տեղեկութիւն տայ Գերմանիոյ նախկին պոլսեցիներուն, իր կոչումին եւ ձեռնադրութեան պատմութեան մասին։ Շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Հրաչ Քահանան եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց քանի կը գտնուէր իր ծննդավայրին՝ Պոլսոյ մէջ։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան իր հոգեւոր ծնողն էր եւ հայրական ցուցմունքներով մեծ դեր ունեցած էր ձեռնադրութեան եւ որպէս հոգեւորական եկեղեցւոյ սպասաւոր դառնալու ճամբուն վրայ։ Իսկ Սահակ Սրբազան Ճեմարանի ուսման տարիներուն իր ուսուցիչը եղած էր Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Այս առումով խորապէս զգացուած ու հոգեպէս վերապրումներ ունեցած էր Պոլսոյ մէջ։ Իր կարգին, Յարութիւն Աբեղան ալ ողջունեց հոգեւոր հայրերու ներկայութիւնը։ Յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց նորին սրբազնութեան, քանի ձմրան շրջանի պտղատու աշխատութիւնը ամրան եղանակին կը շարունակէր Գնալը կղզիի մէջ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ  ուխտաւոր հաւատացեալներուն, որոնք մասնակցած էին սերտողութեանց եւ քարոզխօսութեանց։ Ինք վստահ էր, թէ հաւատացեալներ սրբազան հօր քրիստոնէական գիտելիքներով հոգեպէս զարգանալու առիթն ունեցած էին։

Միասնաբար կատարուած աղօթասացութեամբ աշխատութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017