ՊԱԼԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի, հոկտեմբերի 5-ին մերձաւոր շաբաթ օրը, կը յիշատակուին յայտնի ճարտարապետներու գերդաստան՝ Պալեան ընտանիքի անդամները։ Այս տարուան յիշատակութիւնները տեղի ունեցան շաբաթավերջին, ժամը 11.30-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ գերեզմանատան մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Իսթանպուլի նախորդ քաղաքապետ Բարձր Ճարտարապետ Քատիր Թոփպաշ, Սկիւտարի քաղաղաքապետ Հիլմի Թիւրքմեն, Պալեաններու յուշադամբանի շինութեան բարերարներ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրները, ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչայիններ ու անդամներ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի, համայնքային վարժարաններէ կրթական մշակներ ու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւն մը։

Յիշատակի արարողութիւնը գերեզմանատան սրահէն սկիզբ առաւ տեղապահ սրբազան հօր գլխաւորած թափօրով։ Հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ Պալեաններու յուշադամբանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին յիշատակուեցան Պալեան ընտանիքի ի Տէր ննջած անդամները։

Արարողութեան աւարտին՝ յանուն ՀԱՅՃԱՐ-ի ողջոյնի խօսք արտասանեց Գէորգ Էօզգարակէօզ։ Իր խօսքին մէջ ան նշեց, թէ երէք տարի առաջ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նախաձեռնութեամբ կերտած էին Պալեաններու յուշադամբանը։ Յետ բացման արարողութեան, բարի սովորութիւն մը հաստատուած էր, որով ամէն տարի հոկտեմբերի 5-ի մերձաւոր շաբաթ օրը, նոյն վայրին մօտ, կը կատարուէր յիշատակութեան հանդիսութիւն։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, թէ Պալեան ընտանիքի գործունէութեան մասին մասնագէտներու օժանդակութեամբ հսկայ գիրք մը կը պատրաստուէր եւ աշխատութեան աւարտին պիտի հրատարակուէր Պալեաններու մասին որպէս գիտութեան աղբիւր։ Ապա խօսք առաւ յուշադամբանի բարերարներէն՝ Հրաչ Քըրմըզեան։ Ինք անգամ մը եւս ուրախութիւն յայտնեց, քանի Պալեաններու աշխատութիւնը կը յիշատակուէր սոյն նախաձեռնութեամբ։ Իրենց բարերարութեան հիմնական նպատակը տեսնելով՝ կը հաստատէին, թէ նման անձեր միշտ պէտք է լաւապէս յիշատակուէին։

Յիշատակութեան առթիւ հաւաքուած ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց նաեւ տեղապահ սրբազան հայրը։ Ան ըսաւ. «Պէտք է յիշատակուին մեր նախնիները։ Անցեալի քաղաքակրթութեան մէջ մասնաւորապէս տաճարները եւ գերեզմանները յատուկ ուշադրութեամբ կը կերտուէին, քանի այդ մէկը ապացոյցն էր ժողովուրդի ստեղծագործութեան։ Մասնաւորապէս գերեզմանները յատուկ կարեւորութիւն ունին մեր մշակոյթին մէջ եւս քանի, անցեալի հիմքերն ու արմատները կը յիշեցնեն մեզի։ Առանց անցեալի յիշողութեան, ազգեր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ։ Հետեւաբար, Պալեաններու ներկայութիւնը կը յիշեցնէ մեր նախնեաց խոր արմատները։ Ճարտարապետաց գերդաստան մը, որ համակրանքին արժանացած էր նաեւ Օսմանեան կայսրերու։ Իրենց աշխատութեամբ թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ քաղաքի զարգացման ներդրում ունեցած էին»։ Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քատիր Թոփպաշին եւ Հիլմի Թիւրքմենին, որոնց օժանդակութեամբ նման յուշադամբանը կ՚արտացոլացնէր Պալեաններու մեծ գործը։ Երախտիքով յիշեց նաեւ Քըրմըզեան եղբայրները, որոնց նախաձեռնութիւնը նոր հորիզոն մը բացած էր համայնքէն ներս։ Նշեց նաեւ ՀԱՅՃԱՐ-ը, որոնց ներկայութիւնը միշտ խրախուսիչ էր մշակութային կեանքէն ներս։

Սրբազան հօր խօսքէն յետոյ, ներկաներ համախմբուեցան գերեզմանատան սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեճաշի սիրոյ սեղան։ Ապա Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի առաջնորդութեամբ եւ ներկաներու մասնակցութեամբ, այցելութիւն տրուեցաւ Պետրոս Դուրեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Ռէթէոս Պէրպէրեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմներուն։ Պետրոս Դուրեանի շիրմին մօտ, Դուրեանէ բանաստեղծութիւն մը արտասանեցին նաեւ «Հրանդ Տինք» դպրոցէն խումբ մը տղաք։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2019