ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՄԷՋ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գալֆաեան տան սաներէն Էլիզապէթ Եիղիթօղլու եւ Արին Պաքըրճը վերջին օրերուն մասնակցութիւն բերին միջվարժարանային մարմնամարզի մրցաշարքի մը, որ կազմակերպուած էր «Քիւլթիւր» քոլէճին կողմէ։ Աթագիւղի TAF մարզադահլիճին մէջ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ շուրջ 700 աշակերտ։ Արդիւնքին՝ Էլիզապէթ Եիղիթօղլու նուաճեց առաջնութիւն մը, իսկ Արին Պաքըրճը՝ երրորդի աստիճան մը։ Տղաքը մրցաշարքին մասնակցութիւն բերին մարզանքի ուսուցիչ Հաքան Կիւնարթանի հսկողութեան ներքեւ։ Իրենց այս նուաճումը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2019