ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս վերջերս Ուսուցչաց օրուան առթիւ տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ։ Առաջին առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին աշակերտները յայտագիր մը գործադրեցին իրենց ուսուցիչներուն համար։ Օրուան յայտագիրը յաջողութեամբ գործադրելով տղաքը արժանացան ծափահարութիւններու։

Բաց աստի, դպրոցի ուսուցչական կազմին համար սարքուեցաւ ճաշասեղան մը։ Գուրուչէշմէի ճաշարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցան այս ձեռնարկները, որու մասնակիցները անկեղծ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2019