ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ աշխոյժ ու նպատակասլաց գործունէութիւն ծաւալել՝ մեր համայնքի կարիքաւոր խաւերուն ի նպաստ առաւելագոյն հնարաւորութիւնները ներգրաւելու առաջադրութեամբ։ Յանձնախումբը վերջին շրջանին համագործակցութեան գետին գտած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ։ Այսպէսով, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շրջանին ընդառաջ կարելի դարձած է օժանդակութիւն յատկացնել մեր համայնքի համեստ խաւերէն 700 ընտանիքի, որու կարիքները համավարակով պայմանաւորուած դժուարութիւններուն հետեւանքով բազմապատկուած է։

Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանի հասարակական ծառայութեան բաժանմունքի ղեկավար Եավուզ Սալթըքի միջեւ ստեղծուած ողջունելի համագործակցութիւնը կարեւոր գործօնի մը վերածուած է այս ուղղութեամբ։ Պատրիարքարանի յանձնախումբի ճիւղերէն՝ պարէնի ենթայանձնախումբի անդամները դրական արդիւնքի կը հասնին այս գետնի վրայ՝ մանաւանդ, որ Եավուզ Սալթըք նախորդ ամիսներուն այցելած էր նաեւ Գումգաբու, ուր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանէն ուղղակի տեղեկութիւններ քաղած էր՝ մեր համայնքէն ներս ձեռնարկուած լայնածաւալ զօրակցութեան շարժումին շուրջ։ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի պատասխանատուներն ալ փոխադարձ այցելութիւն մը տուած էին Սալթըքին։ 

Ուրեմն, այժմ, տօնական շրջանի ընդառաջ, Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը իր նպաստընկալներուն կը փութացնէ քաղաքապետարանի կողմէ յատկացուած օժանդակութեան կտրօնները։

Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կը գործէ ատենապետութեամբ Խաչիկ Ճանէլի։ Քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին ծայր տուած դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ մեր համայնքէն ներս ծնած էին զանազան շարժումներ, սակայն աստիճանաբար Պատրիարքարանի կողմէ համակարգուած աշխատանքները դարձան առանցքային եւ արդէն կը համարուին յարաբերաբար կայացած։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021