ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՊՈՌԹԿՈՒՄ
Մինչ համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը կ՚ընթանայ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց եւ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն համար կատարուած կարգադրութիւնները հետզհետէ աւելի կը խորացնեն մտահոգութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այս երկու եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներն ալ առանձին ընտրական մարմիններ ձեւաւորած ըլլալով յառաջ կը տանին գործընթացը, որու իւրաքանչիւր փուլին առնուած քայլերը կու գան քիչ մը աւելի վիրաւորել համայնքին խիղճը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պարտաւորուած է վերստին դիմել պետութեան։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատկան պաշտօնական իշխանութիւններու նկատառման յանձնած է ստեղծուած խնդիրները։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյին ուղարկած է նամակ մը, որով կարեւորած է ընտրողներու կամքի քուէատուփին վրայ ցոլանալը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ նկատած է, որ Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդներու ընտրութեան համար քուէատուփեր տեղադրուին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներուն մէջ, ուր մեր համայնքի անդամները կը գտնուին խտացեալ ձեւով։