ԱՆՀԱՄ ՈՒ ՏՀԱՃ ՎԻՃԱԿ

Ս. Ծնունդը շաբաթավերջին աւանդական մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ մեր համայնքէն ներս։ Եթէ ամէն տարի առաւելագոյն խանդավառութիւն կը տիրէր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա այս տարի այդ առանցքը յարաբերաբար թեքուած էր կեդրոնէն։ Մեր հայահոծ թաղերուն եւ միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մեր ժողովուրդը խանդավառ մասնակցութիւն բերաւ տաղաւարի Ս. Պատարագներուն։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի արարողութիւններուն հանդիսապետեց տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագի յաջորդած ջրօրհնէքին եւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած տնօրհնէքին ալ նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Յետմիջօրէին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընդունելութիւնը։ Թէեւ հաւաքոյթը աւանդական էր, սակայն անոր մթնոլորտը բաւական հեռու էր տօնական աւանդական հրճուանքը, մանաւանդ միասնականութիւնը ցոլացնելէ։ Դժբախտաբար, լարուածութիւններ յառաջացան պատրիարքական ընտրութեան հարցին բերումով։ Կարգ մը աշխարհական վարիչներ մեղադրեց բարձրաստիճան հոգեւորականները։ Իրենց հերթին բարձրաստիճան հոգեւորականներն ալ տօնական օրով պարտաւորուեցան աշխարհական վարիչներուն յիշեցնել՝ անոնց համագործակցութեան ոգիի տկարացման հետեւանքով մեր համայնքի դիմագրաւած ձախողութիւնները։ Կարճ խօսքով, անհամ ու տհաճ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ։

Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան օրհնութեան գիր մը յանձնեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին։ Այս օրհնութեան գիրը շնորհուած էր՝ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած իրաքահայ եւ սուրիահայ գաղթականներուն ի նպաստ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ վերջին տարիներուն ցուցաբերուած հետեւողական զօրակցութեան համար։ Նորին սրբազնութեան օրհնութեան գիրը ընթերցեց Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, որ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի հետ կը համակարգէ գաղթականներուն ի նպաստ ծրագրերը։ Օրհնութեան գիրը ստանալէ վերջ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որու ընթացքին վրդովմունքով անդրադարձաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի դէմ ընկերային ցանցերու վրայ սանձազերծուած հակաքարոզչական դիտումնաւոր արշաւներուն։

Հարկ է նշել, որ այսօր Պատրիարքարանի մէջ Ս. Ծննդեան առթիւ կը հիւրընկալուին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները եւ հասարակական գործիչներ։

 

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018