ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Նոր տարուայ առաջին օրերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ համակիրներէն Տայք Միրիճանեան։

Զրոյցի տեւողութեան համոյթի ներկայացուցիչները տեղապահ սրբազան հօր տեղեկացուցին, որ Հայաստանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթի հիմնադրութեան 80-ամեայ յոբելեանը պիտի նշուի նաեւ քաղաքիս մէջ։ Մարտի 11-ին, Պարի պետականը ելոյթ մը պիտի ունենայ քաղաքիս մէջ «Մարալ»ի հետ։ «Մարալ»ի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին կազմակերպչական աշխատանքներուն շուրջ։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ուրախութիւն յայտնեց թէ՛ այցելութեան եւ թէ այս ծրագրին կապակցութեամբ։ Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ նման ձեռնարկները կը նպաստեն մեր մշակութային կեանքի կենսունակութեան։ Նորին սրբազնութիւնը «Մարալ»ի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց համոյթի գործունէութեան համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018