ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Այս շաբաթավերջին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Պատրիարքարան։ Զրոյցի տեւողութեան խնամակալները տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ վարժարանի ներկայ կացութեան եւ իրենց կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Անոնք անդրադարձան առկայ դժուարութիւններուն։

Տեղապահ սրբազան հայրը անմիջական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց իր նկատառման յանձնուած տեղեկութիւններուն նկատմամբ։ Ան մաղթեց, որ դպրոցը յաղթահարէ առկայ նիւթական դժուարութիւնները։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ Կեդրոնական վարժարանը պոլսահայ կրթական կեանքի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մին է ու պէտք է մնայ պատնէշի վրայ։ Հանդիպման աւարտին ան գնահատեց խնամակալութեան կողմէ տարուած աշխատանքը, փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթեց՝ դժուարին աշխատանքին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018