ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Սեբաստացի հայերու հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաքի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հիւրերու շարքին կը գտնուէին ներկայիս արտասահման հաստատուած սեբաստահայեր։ Զրոյցի ընթացքին անոնք շնորհաւորեցին Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին իրեն։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ան շեշտեց, որ Պոլիսէն մեկնած մերազն ժողովուրդի ներկայութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ Պատրիարքական Աթոռին։ Պատրիարք Հայրը ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ Ամանորի ու Ս. Ծննդեան առթիւ ըրաւ բարեմաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020