Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան կատարեց գիշային ու առաւօտեան ժամերգութիւն, որմէ յետոյ՝ ընդհանուր հոգեհանգիստ։ Քորոնաժահրի համավարակի շրջանին, կղզեցի հաւատացեալներու թիւը զգալիօրէն բազմացած է ձմրան շրջանին եւ այս պատճառաւ սոյն արարողութեան մասնակցեցան կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։

Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան նշանակութեան։ Հայր սուրբը նշեց, թէ Քրիստոսի ծնունդը պատմութիւնը կիսած էր երկուքի, որով Քրիստոսէ առաջ եւ յետոյ հասկացողութիւնները գոյացած էին։ Հետեւաբար աշխարհի պատմութեան ընթացքին միջամտելու զօրութեան տէր Քրիստոսը, կարող էր նաեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին միջամտելու եւ անոնց կեանքը այլափոխելու։ Ս. Ծնունդը այս կոչումը կը յիշեցնէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի, որպէսզի ան Յիսուս Փրկիչը հրաւիրէ միջամտելու իր կեանքին եւ Քրիստոսով ամրապնդուած քալէ դէպի ապագայ։

Առ այդ, 5 յունուար երեքշաբթի, երեկոյեան, Ճրագալոյցի առթիւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ մասնակցութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, տեղի ունեցաւ ճրագավառութիւն, Ս. Ծննդեան նախատօնակ ու «Փա՜ռք ի բարձունս»ի երգեցողութիւն։ Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ հաւատացեալներ, ի ձեռին ունենալով ճրագները միացան արարողութեան։ Այսպէս, Ս. Ծննդեան աւետիսը Գնալըի եկեղեցիէն փոխանցուեցաւ Իշխանաց կղզիներուն եւ յատկապէս Գնալը կղզիին։ Հայր սուրբը տօնական մթնոլորտի մէջ հակիրճ շնորհաւորական քարոզ մը խօսեցաւ ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ մութին մէջ կատարուած այս արարողութիւնը առաւել եւս խորհրդաւոր կը դառնար Ս. Ծննդեան աւետիսով։ Ներկաներ կը վերածուէին այն հովիւներուն, որոնք հրեշտակներէ ստացած էին մեծ աւետիսը ու այցելած՝ Մանուկ Յիսուսին։ Քարոզէն յետոյ Ս. Ծննդեան տնօրհնէք կատարուեցաւ ու օրհնուեցաւ հացը, ջուրը եւ աղը։ Արարողութեան աւարտին ներկաներ լուսաւոր մոմեր ի ձեռին, Ս. Ծննդեան աւետիսը ստացած ըլլալով մեկնեցան եկեղեցիէն, դէպի իրենց բնակարանները։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021