ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը մեծ հրճուանքով տօնախմբեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տօնակտարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի։ Ատենապետ Աքսէլ Թոփալեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամներն ու Պէյօղլուի բոլոր կառոյցներու վարիչները։ Արարողութիւններէն վերջ կատարուեցաւ նաեւ աւանդական Ջրօրհնէք։

Տօնակատարութիւններուն մասնակից բոլոր հաւատացեալները զիրար ողջունեցին Սուրբ Ծնունդի աւետիսով եւ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2024