ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որու առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ամբողջ դպրոցը յարդարուած էր աւանդական ձեւով։ Բարեկենդանի հանդէսի յայտագրին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին եւ Մեծ պահքին։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին շնորհաւորական ելոյթով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, որ ողջունեց բոլոր աշակերտները եւ հանդէսի պատրաստութիւնը վերահսկած կրթական մշակները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018