ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խանդավառ հաւաքոյթը։ Կայանի ի նպաստ այս ձեռնարկը խորագրուած էր՝ «Սէրը անվերջ է»։ Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած համակիր տիկիններ հաճելի ժամանց ունեցան երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։ Նախատեսուած վիճակահանութեան շնորհիւ ոմանք յիշատակներ ալ ունեցան այս հաւաքոյթէն։

Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմը կը գործէ Լիզի Չերմէ Ճիվանեանի գլխաւորութեամբ։ Անդամուհիներն են՝ Ալին Քումրալ, Մաթիլտա Ֆըրատօղլու, Ժոսլին Տինչքայըքճը, Նազենի Թըրթըր, Թալին Շիրինփընար, Լետա Քոչ եւ Սանթա Ինկիլլիօղլու։

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2020