ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԱՐՔ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, անցեալ շաբաթավերջին, յետմիջօրէին, ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, այցելեց Կրօնական ժողովոյ ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին, որ վերջերս կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։

Պատրիարք Հայրը սոյն այցելութեամբ յանուն Աթոռոյ միաբանութեան եւ հոգեւորականաց դասուն, հայր սուրբին արագ ապաքինում մաղթեց ու յայտնեց, թէ Պոլսոյ հոգեւորականաց դասը աղօթքով կը զօրակցի իրեն։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս ամենայն բծախնդրութեամբ կը շարունակուի հայր սուրբին դարմանումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցնելով, թէ Տէր Յիսուս բժիշկն է հիւանդաց, բշժկութեան աղօթք արտասանեց ու մաղթեց, որ հայր սուրբը Տիրոջ կամքով իր առողջութիւնը վերագտնէ եւ Պատրիարաքական Աթոռէ ներս շարունակէ իր արգասաբեր ծառայութիւնը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր հայրական այցելութեան համար եւ խնդրեց իր հոգեւոր եղբայրներուն աղօթակցութիւնը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021