ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որու անուան տօնն էր եւ այս առթիւ շրջապատուեցաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ հաւատացեալներուն կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան,  Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Արարողութիւններու աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հաւատացեալ ժողովուրդը։ Այս առթիւ թէ՛ հոգեւոր հայրերը եւ թէ հաւատացեալ ժողովուրդը անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ գնահատեցին ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, որու ջանքերով Գուզկունճուքի մեր գողտրիկ եկեղեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ կը հիւրընկալէ քաղաքի բոլոր կողմերէն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019