ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԻՆ ԱՅԲԲԵՆԱՐԱՆԻՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Այս առթիւ անոնք ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուին այբբենարանին։ Այս հանդէսին համար դպրոցի դահլիճը զարդարուած էր տօնականօրէն։ Ամէն ինչ կը յիշեցնէր հայոց գիրերու արարման պատմութիւնը։ Երգերու եւ պարերու մթնոլորտին մէջ փոքրիկները կարեւորեցին գիրերու դերը իրենց կեանքէն ներս ու խոստացան, որ գրաճանաչ դառնալէ վերջ շատ պիտի կարդան ու ձեռք պիտի բերեն նորանոր գիտելիքներ։ Բոլորը մաղթեցին, որ փոքրիկ սաները ուսումնառութեան դժուարին ուղին յաղթահարեն հեշտութեամբ եւ վստահ քայլերով ընթանան յառաջ։

Հանդէսին ներկայ էին վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ, հիւրեր, ինչպէս նաեւ վարժարանի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019