ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՕՐՈՒԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Վաղուան՝ 9 մայիսի Եւրոպայի օրուան ընդառաջ, երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Հալիճի համագումարներու կեդրոնին մէջ։ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր Լանտրուտի հիւրընկալմամբ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի համատեղ հրաւէրով կազմակերպուած այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ զրոյց մը ունեցաւ դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր Լանտրուտի հետ, որ մօտաւոր անցեալին այցելած էր Գումգաբու։ Եւրոպայի օրուան առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորութիւններ յղեց բարձրաստիճան դիւանագէտին։ Ան ընդունելութեան տեւողութեան զրուցեց նաեւ Էքրէմ Իմամօղլուի հետ։

Մարտի վերջաւորութեան տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ի վեր առաջին անգամ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուելու առիթ ունեցաւ Իսթանպուլի վերընտրեալ գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի հետ, որ ներկայիս ներքին քաղաքական բեմահարթակին վրայ տիրական դէմքերու շարքին կը դասուի:

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024