ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն։ Այս շրջագ­ծով, տաս­նե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին անգ­լե­րէն սքրապ­լի մրցոյ­թը։ Հա­րիւր տա­րուան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, լի­սէի մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ մրցոյ­թը, ո­րուն ա­ռա­ջին փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ։

Օ­րուան սկիզ­բին ծրա­գի­րը բա­ցուե­ցաւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ա­ւե­լի վերջ մաս­նա­կից վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին մրցոյ­թի։ Հարկ է նշել, որ մեր հա­մայն­քա­յին հինգ լի­սէ­նե­րուն ա­ռըն­թեր Նշան­թա­շըի «Ա­նա­տո­լու» լի­սէն եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ այս տա­րուան մրցոյ­թին։

Մինչ ա­շա­կերտ­նե­րը չա­փե­ցին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը, օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս հանգ­րուա­նին եւս հար­կիճ խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Սա­թե­նիկ Նշան, որ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րու ներ­կա­յու­թեան հա­մար եւ գնա­հա­տեց ջան­քե­րը ան­լե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք վե­րահս­կե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րը։

Խմբա­յին հար­թու­թեան վրայ մրցոյ­թի ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցաւ հիւ­րըն­կալ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Կեդ­րո­նա­կա­նը եւ Սա­հա­կեան-Նու­նեա­նը։ Ան­հա­տա­կան հար­թու­թեան վրայ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Նա­յի­րի Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան (Է­սաեան), ո­րուն հե­տե­ւե­ցան Թա­լին Աք­պաշ (Սա­հա­կեան-Նու­նեան), Սե­ւակ Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան (Է­սաեան)։ Մաս­նա­ւոր յա­ջո­ղու­թեան մրցա­նակ մըն ալ տրուե­ցաւ Թա­լին Աք­պա­շին։

Յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին հա­ճե­լի զրոյց տե­ղի ու­նե­ցաւ կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ մրցոյ­թի մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ։

Հարկ է նշել, որ Է­սաեա­նի կազ­մա­կեր­պած սքրապ­լի մրցոյ­թը այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կուի միջ­նա­կարգ­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016