ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս հանդէսի ժամանակ, որուն ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Գամառ եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմի ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։

Հանդէսի ժամանակ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դասարանի ուսուցչուհի Թանիա Փաքերթիք։ Տղոց ծնողներուն անունով ալ սրտի խօսք մը արտասանեց Վերժին Էրօլ։ Վարժարանի նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ եւ փոքրիկներուն յաջողութիւն մաղթեց ապագայ կրթական կեանքի համար։ Երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի մականին ներքեւ տղաքը ներկայացուցին խմբերգներ։ Յայտագրի տեւողութեան իրենց ունեցած բազմաբնոյթ ելոյթներով փոքրիկները արժանացան ծափողջոյններու։

Հանդէսի աւարտին դպրոցի ծնողաց միութեան կողմէ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Շաբաթ, Յունիս 8, 2019