ՓԱՐԻԶԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ Փարիզի Կեդրոնական սանուց միութեան ղեկը միջոցէ մը ի վեր արդէն ստանձնած է նորընտիր վարչութիւնը։ Բազմամեայ ատենապետ Վարդան Օզինեանի մահէն վերջ, միութեան շրջանակներէն ներս վերակազմակերպման գործընթաց մը սկիզբ առած է։ Այս ծիրին մէջ գումարուած է ընդհանուր ժողով մը, որու ընթացքին ընտրուած է նոր վարչութիւնը։ Փարիզի Կեդրոնական սանուց միութեան նորընտիր վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Հայրապետ Սըրատաղ, Արամ Շիմշիր եւ Յարութիւն Կէօրիւր։

Քորոնաժահրի համաճարակով ստեղծուած կացութիւնը խոչընդոտած է ձեռնարկուած աշխատանքները ու պատճառ դարձած լուրջ յապաղումներու։ Այժմ պաշտօնական մարմիններու եւ դրամատուներու մօտ անհրաժեշտ դիմումներու եւ արձանագրութիւններու կատարման համար աշխատանքները յառաջ կը տարուին։

Նորընտիր վարչութիւնը կը ծրագրէ որոշ ձեռնարկներ՝ բարենպաստ պայմաններու ստեղծուելէն վերջ։

Հարկ է նշել, որ Փարիզի Կեդրոնական սանուց միութիւնը միակն է, որ կը գործէ ամբողջ Եւրոպայի տարածքէն ներս։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2020